The forewords are currently available in Armenian only; English versions are being prepared.
Խոր գոհունակութեամբ հանրութեան կը ներկայացնենք Մեր հայրապետական օրհնութիւնը ու բարձր գնահատանքը վայելող ներկայ հատորը՝ «Նուիրեալներ՝ Խղճի եւ Մարդասիրութեան Մոգերը»: Սովորական աշխատասիրութիւն մը չէ սա, այլ կենդանի վկայութիւն մը՝ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճակատագրական շրջանին օտարազգի նուիրեալներուն կողմէ կատարուած անմնացորդ ծառայութեան մասին:
Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ օտարազգի նուիրեալները եղան ո՛չ միայն, մեր եկեղեցւոյ շարականին բառերով՝ «անձինք նուիրեալք սիրոյն Քրիստոսի», այլ, ապրելով մեր ժողովուրդին տառապանքը, դարձան արդարութեան ասպետներ, եւ բողոքի, զգաստութեան ու արթնութեան ձայնը լսելի դարձուցին իրենց երկիրներուն, եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի մէջ:
Արդարեւ, բժիշկներ, հոգեւորականներ, հիւանդապահուհիներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, գործարարներ, եւ այլ ասպարէզներու պատկանող մարդիկ, մէկդի թողած իրենց կեանքի հանգստաւէտ պայմանները, հեռու անձնական փառքէ ու պատիւէ, եւ քաղաքական հաշիւներէ, եկան Արեւմտեան Հայաստան ու Կիլիկիա, եւ հասան մինչեւ Սուրիա, Լիբանան, եւ Միջին Արեւելեան այլ երկիրներ, մէկ նպատակով՝ ծառայել ցեղասպանութեան զոհ ու աքսորի ճիրաններուն մէջ տուայտող մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ի՜նչ օրինակելի երեւոյթ:
Արդ, մեր ժողովուրդը հարկ է խոնարհի այս «անձինք նուիրեալք»ի աստուածահաճոյ զոհողութեան առջեւ, իր հաւաքական յիշողութեան մէջ յատուկ տեղ տալով անոնց անմեռ յիշատակին:
Անհրաժեշտ է, որ ներկայ իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը շարունակուի: Հաւանաբար տակաւին կան մոռցուած անուններ, փոշիներու տակ մնացած վկայութիւններ, կորսուած նամակներ ու նկարներ, որոնք կրնան նոր լոյս սփռել ցեղասպանութեան ներքին ծալքերուն ու դէպքերուն վրայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր կարգին զոհ դարձած հայոց ցեղասպանութեան, եւ՝ ռահվիրան մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան, յանձնառու կը մնայ հովանաւորել նաեւ նոյն շարքին յաջորդող հատորը:
«Անհրաժեշտ է, որ ներկայ իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը շարունակուի։»
Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք «Աշխարհի Տապան» միութեան նախագահ եւ ներկայ աշխատասիրութեան ղեկավար Տիար Գէորգ Ներսիսեանին եւ իր գործակիցներուն, այս եզակի իրագործումին համար:
Վստահ ենք, որ խոր յուզումով ու երախտագիտական զգացումներով պիտի կարդայ իւրաքանչիւր հայորդի ներկայ հատորներուն մէջ տեղ գտած մեր ժողովուրդի «բարի Սամարացի»ներուն (Ղկ 10.25-37) մասին, որոնք ապրեցան մեր ժողովուրդի տառապալից կեանքը ու ականատես վկաները հանդիսացան մեր ժողովուրդի ցեղասպանութեան ու անոր յաջորդող վերապրումի պայքարին:
Այս առիթով, կ՚ուզենք կարեւորութեամբ յայտնել, թէ որոշած ենք.–
- Ամէն տարի, Ապրիլ 24-ի յաջորդող Կիրակին, հոգեհանգիստ կատարել Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ թեմերու եկեղեցիներուն մէջ, օտարազգի բոլոր նուիրեալներու հոգիներուն համար:
- Որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն, յատուկ յուշակոթող մը կանգնել կամ Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս եւ կամ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ, որուն հիմնադիրն է ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր որբերու «մամա»ն դարձած դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընը:
Հայրական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով,
